Ռոպէր Հատտեճեան
…
Գաղթը, երբեմն պարտադիր, երբեմն կամովին, արիւնահոսութիւն է ժողովուրդի մը համար: Եթէ ժողովուրդի մը զավակները կը գաղթեն, այդ ժողովուրդը տակաւ կը մաշի, կը հիւծի: Եւ գաղթը փաստ մըն է նաեւ այն մասին թէ այդ ժողովուրդը երջանիկ ծողովուրդ մը չէ իր ապրած հողերուն վրայ: Եթէ ծողովուրդը երջանիկ ըլլար, ո՛չ մէկը կը լքէր ու կը հեռանար: Ո՛չ մէկը դէպի օտար ափ կը դիմեր հաց, ապահովութիւն ու երջանկութիւն փնտռելու համար: Գաղթը դժբախտութեան մը վերջակէտն է, եւ սկզբնաւորութիւնն է ուրիշ դժբախտութիւններու, որոնք պիտի յաջորդեն գաղթին: Որովհետեւ ամէն գաղթ իրեն հետ կը բերէ նոր դժուարութիւններ, նոր դծբախտութիւններ:
(Դուն աղա ես աղա մեր ալիւրը ո՞վ աղայ)
